ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Դէ­պի Թիֆ­լիզ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան վեր­ջին օ­րը, ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան տե­սակ­ցե­ցաւ Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէի հետ։ Քննար­կուե­ցան երկ­կող­մա­նի բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քը, զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ներ­կայ մա­կար­դակն ու զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը, երկ­կող­մա­նի օ­րա­կար­գի այլ հար­ցեր։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան ու կա­յու­նու­թեան պահ­պան­ման ու ամ­րապնդ­ման խնդիր­նե­րուն։ Կող­մե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ հա-­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։

Վի­գէն Սարգ­սեան Թիֆ­լի­զի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ վի­րա­հայ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ։

Միւս կող­մէ, Սարգ­սեան յայ­տա­րա­րեց, որ ան­ցեալ Ապ­րի­լի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին շփում­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են Ե­րե­ւա­նի եւ Թիֆ­լի­զի մի­ջեւ։ «Մեր վրա­ցի գոր­ծըն­կեր­նե­րը շատ ան­հանգս­տա­ցած էին, ա­նոնք ա­ռա­ջար­կե­ցին ի­րենց կող­մէ ջանք գոր­ծադ­րել՝ երկ­խօ­սու­թեան ու­ղի­ներ գտնե­լու եւ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը դադ­րեց­նե­լու հար­ցին մէջ», ը­սաւ Վիգէն Սարգսեան՝ «Ա­­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէ­ջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2016