ՈՐՄՆԱՆԿԱՐԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի մօտ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ռի­չըրտ Միլզ եւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան Կիւմ­րիի մէջ յայ­տա­րա­րե­ցին նշա­նա­ւոր նկա­րիչ Յա­կոբ Յա­կո­բեա­նի «Սա­րե­րում» որմ­նան­կա­րի վե­րա­կանգն­ման ու պահ­պան­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն ա­ւար­տը: Որմ­նան­կա­րի վե­րա­կանգ­նու­մը կա­տա­րուած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նի Մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պա­նու­թեան հիմ­նադ­րա­մին գան­ձատր­մամբ:

Տրա­մադ­րուած նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րով այս որմ­նան­կա­րը դուրս բե­րուած է լքուած գոր­ծա­րա­նի մը շէն­քէն, ա­պա կա­տա­րուած են վե­րա­կանգն­ման ու պահ­պան­ման աշ­խա­տանք­նե­րը եւ ա­նի­կա տե­ղադ­րուած է Կիւմ­րիի Ա­ճե­մեա­նի ա­նուան տրա­մա­թի­քա­կան թատ­րո­նի շէն­քին երկ­րորդ յար­կը՝ կրկին հա­սա­նե­լի դառ­նա­լով հան­րու­թեան:

«Այս որմ­նան­կա­րը, ո­րուն վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն ա­ւար­տը կը նշենք այ­սօր, քա­նի մը տա­րի լքուած գոր­ծա­րա­նի շէն­քի մը մէջ կը գտնուէր՝ աչ­քէ հե­ռու ու փո­շիի մէջ: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նի Մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պա­նու­թեան հիմ­նադ­րա­մին շնոր­հիւ ա­նի­կա այժմ նոր շունչ ստա­ցած է: Ա­նի­կա կը գտնուի ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու, հա­մայն­քա­յին ա­ռաջ­նորդ­նե­րու ու նո­րա­րար­նե­րու յա­ջորդ սե­րուն­դի աչ­քին առ­ջեւ. այժմ ա­նոնք պի­տի կա­րե­նան տես­նել Յա­կոբ Յա­կո­բեա­նի այս ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, ծա­նօ­թա­նալ ա­նոր պատ­մու­թեան, ինչ որ պի­տի ներշն­չէ զա­նոնք՝ Հա­յաս­տա­նի ո­գին ար­տա­ցո­լա­ցող ա­րուես­տի նոր գոր­ծեր ստեղ­ծե­լու», նշած է դես­պան Միլզ: «Մշա­կոյ­թը, ա­րուես­տը, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը կ՚օգ­նեն վեր առ­նե­լու Հա­յաս­տա­նի ինք­նա­տի­պու­թիւ­նը: Ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը կը կի­սեն մշա­կոյ­թի հան­դէպ այս սէ­րը: Պահ­պա­նե­լով այս հայ­կա­կան գան­ձե­րը՝ մենք ո՛չ միայն կ՚օգ­նենք մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մեր­ձեց­ման, այլ նաեւ կը պահ­պա­նենք այս ինք­նա­տիպ ար­ժէք­նե­րը` ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար», ա­ւել­ցու­ցած է դես­պան Միլզ:

Որմ­նան­կա­րին հե­ղի­նա­կը յայտ­նի հայ գե­ղան­կա­րիչ Յա­կոբ Յա­կո­բեանն է (1923-2013), ո­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կը նկա­տուին ազ­գա­յին գան­ձեր: Ա­նոր որմ­նան­կար­նե­րը տեղ գտած են Շի­րա­կի մար­զի Պահ­պա­նուող պատ­մա­կան մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու ցան­կին մէջ:

«Սա­րե­րում» որմ­նան­կա­րի վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րը կա­տա­րուած են «Մի­նաս Ա­ւե­տի­սեան մշա­կու­թա­յին հիմ­նադ­րամ»ին կող­մէ, Ի­տա­լիոյ Ֆլո­րանս քա­ղա­քի «Ռես­տաւ­րա­ցիա» հիմ­նար­կի նշա­նա­ւոր վե­րա­կանգ­նող մաս­նա­գէտ Ֆապ­րի­ցիօ Եա­քո­փի­նիի մաս­նակ­ցու­թեամբ: «Վե­րա­կանգ­նո­ղին աշ­խա­տան­քը սի­րոյ ու յար­գան­քի դրսե­ւո­րում է՝ նկա­րիչ­նե­րուն ու ա­նոնց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ: Իսկ այդ նուի­րուած ու ջեր­մե­ռանդ աշ­խա­տան­քին ար­գա­սի­քը այ­սօր բո­լորս կը տես­նենք», հաս­տա­տած է ան:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2016