ԻՐԱՆ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԱՐՏՕՆԵԱԼ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ ՊԻՏԻ ՍՏՈՐԱԳՐԵՆ

Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է՝ արտօնեալ առեւտուրի պայմանագրի մը կնքման ուղղութեամբ։ Թեհրանի եւ Պաքուի իշխանութիւններուն միջեւ ներկայիս բանակցութիւններ կ՚ընթանան այս կապակցութեամբ։ Տնտեսական եւ դիւանագիտական ոլորտի պաշտօնատարները ցարդ բանակցութիւններու երեք փուլէ անցած են՝ արտօնեալ առեւտուրի պայմանագիրը կնքելու ճանապարհին։ Ժողովներու երրորդ փուլը արդէն տեղի ունեցած է հեռավար։ Առցանց բանակցութիւններուն ներկայ գտնուած են Իրանի Արտաքին գործոց

նախարար Ճեւատ Զարիֆ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, Իրանի Առեւտուրի զարգացման կազմակերպութեան եւ Ատրպէյճանի Տնտեսութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները։ Կողմերը կը նախատեսեն բանակցութիւններու յաջորդ փուլին վերջնական տեսքի բերել համաձայնագրի նախագիծը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2020