ՀՈՒԼՈՒՍԻ ԱՔԱՐ ԽՕՍԵՑԱՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՄԵԿՆԱԾ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Ազգային Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ մշտադիտարկման կեդրոնին շուրջ, որ պիտի վերահսկէ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարը։ Արդէն վերջին շրջանին յայտնի դարձած էր, որ Աղտամի մէջ պիտի ստեղծուի այդ համատեղ ռազմակայանը։ Ըստ Հուլուսի Աքարի, Թուրքիա 60 զինուորական ուղարկած է Ատրպէյճան եւ անոնց Լեռնային Ղարաբաղէ ներս պաշտօնավարութեան ժամկէտի հարցը պիտի քննարկուի Ռուսաստանի հետ։ Ներկայիս թուրք բանակէն 60 ներկայացուցիչ կը գտնուի այնտեղ։ Մշտադիտարկման կեդրոնի կառուցման վերաբերեալ բոլոր համաձայնութիւնները գոյացած են երեք երկիրներու միջեւ։ Ներկայիս մնացած է շարք մը հարցերու լուծումը՝ կապուած շինարարութեան, անձնակազմի տեղակայման հետ։ Ըստ Հուլուսի Աքարի, թուրք զինուորականները պիտի աշխատին ռուս զինուորականներու հետ։ Անոնց այնտեղ մնալու ժամկէտի հարցն ալ ռուսական կողմի հետ պիտի քննարկուի։ Աշխատանքները համատեղ պիտի ղեկավարուին ռուս եւ թուրք հրամանատարներու կողմէ։ Նախարարի բացատրութիւններով, Թուրք զինեալ ուժերու 30-60 ներկայացուցիչ անմիջական մասնակցութիւն պիտի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի դրութեան վերահսկողութեան գործընթացին։ «Ռուսերու հետ միասին անոնք ամէն ինչ պիտի ընեն հրադադարի շարունակականութիւնը ապահովելու համար», ըսաւ Հուլուսի Աքար։

NTV-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Աքար նշեց, որ թուրք զինուորականները արդէն մեկնած են Ատրպէյճան եւ համատեղ կեդրոնի կառուցումէն վերջ այնտեղ կը տեղափոխուին աշխատելու համար։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2020