ՄՈՐԻՍ ԼԵՒԻ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԵՐԿԱՄԵԱՅ ՇՐՋԱՆԻՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՊԱՇՏՕՆԱՎԱՐԵԼ՝ ՈՐՊԷՍ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄՕՏ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի պաշտօնավարութեան երկամեայ ժամանակաշրջանը լրանալու վրայ է։ Կը տեղեկանանք, որ երեքշաբթի՝ 29 դեկտեմբերին նախատեսուած է փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի ընտրութիւն, որով յայտնի պիտի դառնայ յառաջիկայ շրջանին պաշտօնավարելիք անձը։ Փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ղեկավարներու ժողովի ընթացքին վերջերս տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն մը։ Այժմու ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի պատրաստակամութիւն յայտնած է շարունակելու համար իր պաշտօնը։ Ան Թուրքիոյ հրեայ համայնքին կողմէ առաջադրուած անուն մըն է։ Հրեայ համայնքն ալ համամիտ գտնուած է Մորիս Լեւիի առաքելութեան շրջան մը եւս շարունակութեան։ Փոքրամասնական միւս համայնքներն ալ հաւանութիւն տուած են, որպէսզի Մորիս Լեւի մնայ պաշտօնի գլուխը։

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի պաշտօնը ցայսօր վարած են Լաքի Վինկաս (երկու շրջան) եւ Թորոս Ալճան (մէկ շրջան)։ Յոյն եւ հայ համայնքներու առաջադրած թեկնածուներէն վերջ այդ առաքելութիւնը ստանձնած էր Մորիս Լեւի, որու առջեւ ներկայիս երկրորդ շրջանի մը պաշտօնավարութեան հորիզոնը ուրուագծուած է։ Փոքրամասնական համայնքներու միջեւ գոյացած է սկզբունքային ըմբռնում մը, ըստ որու իւրաքանչիւր համայնքէն ներկայացուցիչ մը հերթով պէտք է զբաղեցնէ այդ պաշտօնը։ Յոյն եւ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներէն վերջ, ներկայիս պաշտօնի գլուխ կը գտնուի հրեայ համայնքի ներկայացուցիչը. յանձինն՝ Մորիս Լեւիի, որմէ վերջ հերթը պիտի հասնի ասորի համայնքի ներկայացուցիչին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2020