ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԱՐԶԷՆ ՆԵՐՍ ՈՐՈՏԱՆ ԳԵՏԻ ԱՓԻՆ ԱՐԴԷՆ ԿԸ ԾԱԾԱՆԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴՐՕՇԸ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման զուգահեռ արտասովոր իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Հայկական քաղաքական աշխարհի ուշադրութիւնը առաջնահերթօրէն կեդրոնացած կը մնայ այս հարցին վրայ։ Հայաստան ներքին քաղաքական այնպիսի տագնապ մը կը դիմագրաւէ, որ նոյնիսկ այս կենսական հարցը կը տեղաւորուի իշխանութիւն-ընդդիմութիւն թիւն պայքարի շրջանակին մէջ։ Պետական նշանակութիւնով այս լուրջ մարտահրաւէրը դիմագրաւելու ի վիճակի չէ երկրի ներկայ իշխանութիւնը, ուստի այդ անկարողութիւնն ու անգործութիւնը թաքցնելու տեսակէտէ Հայաստանի իսկապէս սնանկացած կառավարութեան համար շատ ձեռնտու է ժողովուրդին այդ նեղ շրջանակին մէջ մատուցել խնդիրը։

Ամուլ բանավէճերու մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի զանազան լրատուամիջոցներ երէկ գիշերուընէ սկսեալ հաղորդեցին, որ Ատըր-պէյճանէն հերթական այցելութիւնը տրուած է Սիւնիքի մարզը, որ սահմանազատման գործընթացին մէջ դարձած է առաւել խոցելի։ «www.tert.am»ի թղթակցի հաղորդումներով, Սիւնիքի մարզի Որոտան համայնքը հերթական անգամ կատարուած իրողութեան առջեւ մնացած է։ Այսպէս, Որոտան գետի ափին արդէն պարզուած է Ատրպէյճանի դրօշակը եւ տեղակայուած են այդ երկրի բանակէն զինուորներ։ Գետի ձախ ափին երբ ծածանիլ սկսած է Ատրպէյճանի դրօշակը, այդ նոյն հատուածէն այդ երկրի բանակի նշանառութեան տակ մնացած է «Տաթեւ» ջրաելեկտրակայանը եւ Գորիս-Կապան ճանապարհի 4 քիլօմեթր երկարութեամբ հատուածը։ Այս մասին կը զգուշացնէին Հայաստանի սահմանապահ զօրքերը եւ Որոտան համայնքը, որու տարածքէն ներս տեղակայուած են Ռուսաստանի խաղաղապահները։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու մարտական յենակէտերու համաձայնեցուած տեղակայման գործընթացը կը շարունակուի, բայց Ատրպէյճանի կողմէ արդէն զինուորներ տեղակայուած են, պաշտպանական կառոյցներու եւ դիրքերու ձեւաւորումով հանդերձ։

Հարկ է նշել, որ օրեր առաջ եւս Ատրպէյճանի բանակէն զինուորներ դրօշակով մեկնած էին Որոտան, սակայն ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ համայնքի տարածքէն ներս պարզուած դրօշակը հեռացուցած էին, այդ մէկը դիրքի մէջ տեղադրուած չէր։

Սահմանազատման գործընթացը Սիւնիքի մարզի առընթեր մտահոգութիւններ օրակարգի վրայ կը բերէ նաեւ երկրի հիւսիս-արեւելքի սահմաններու՝ մասնաւորապէս Սոթքի ոսկիի հանքի պատկանելիութեան պարագային։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր երեսփոխաններէն Էտմոն Մարուքեան առաջարկեց Մոսկուայի հետ հրատապ բանակցութիւններու սկսիլ, որպէսզի Սիւնիքի մարզէն ներս նոր ռուսական ռազմակայան մը հաստատուի։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2020