ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ՄԱՔՐՈՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՎԻՃԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին եւ Մաքրոն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կարգաւորման հարցը։ Անոնք հանգամանօրէն կանգ առին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող իրավիճակին վրայ։ Փութին ընդգծեց, որ տարածքաշրջանէ ներս կացութիւնը կը կայունանայ եւ, ընդհանուր առմամբ, պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը հետեւողականօրէն կ՚իրականացուի։ Փութին մատնանշեց, որ Ռուսաստանի խաղաղապահներուն կողմէ յաջող աշխատանք մը կ՚իրականացուի։ Անոնք Երեւանի եւ Պաքուի խնդրանքով կ՚ապահովեն հրադադարի դրութեան պահպանումն ու քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութիւնը։

Վլատիմիր Փութին եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն հաստատեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման զանազան հայեցակարգերու համակարգումը շարունակելու պատրաստակամութիւնը՝ մասնաւորապէս, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս։ Առաւել արդիական հայեցակարգերու շարքին նշուեցան մարդասիրական խնդիրները՝ կապուած տեղահանեալ արցախցիներու վերադարձին, ենթակառուցուածքներու վերականգնման, մշակութային ու կրօնական յուշարձաններու պահպանման։ Մոսկուա այս բոլորը առաջին հերթին կը պատկերացնէ իր նախաձեռնութեամբ հիմնուած մարդասիրական հարցերու արձագանգման միջազգային կեդրոնի բովով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2020