ԹՈՒԱՅԻՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր կը գրէ, որ նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի արխիւի եօթանասուն տոկոսի դասաւորումը արդէն աւարտած է։ Աներեւակայելի քանակութեամբ լուսանկարներէ եւ իրերէ կը բաղկանայ այդ արխիւը, որու դասաւորման սկզբնական փուլերուն մասնակցած էր նոյնինքն Արա Կիւլէր։ «Տողուշ» խմբակը կը նախատեսէ այդ բոլորը հասանելի դարձնել նաեւ համացանցի վրայ։

Սոյն աշխատանքը նաեւ Արա Կիւլէրի թանգարանի հիմքը պիտի հանդիսանայ։ Կալաթասարայի՝ Արա Կիւլէրի աշխատանոց-բնակարանը արդէն կը վերանորոգուի այս նպատակին համար։ Կը հաղորդուի, որ թուային թանգարանը արդէն պիտի նախորդէ այդ մէկուն։

Հինգշաբթի, Յունուար 24, 2019