ՈՒՂՂԱԿԻ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Տաւոսի մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին որեւէ մանրամասնութիւն չէ քննարկուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Փաշինեան երէկ դիմատետրի էջին վրայ ուղիղ եթերով ուղղակի բացատրութիւններ տուաւ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպման բովանդակութեան շուրջ։ Ըստ այդ մանրամասնութիւններուն, երկու ղեկավարները Տաւոսի մէջ քննարկած են հնարաւորութիւնները, թէ ի՛նչ պայմաններ կան կարգաւորման համատեսքին մէջ։ Ըստ Փաշինեանի, սա Ալիեւի հետ երրորդ հանդիպումն էր եւ այդ բոլորին ժամանակ քննարկումներու բովանդակութիւնը վերաբերած է բանակցային գործընթացի պատմութեան։ «Որեւէ յստակ մանրամասնութիւն չենք քննարկած, ընդամէնը կարծիքներ փոխանակած ենք։ Սա նաեւ որոշ չափով բանակցային գործընթացի ընկալումներուն փոխադարձաբար ծանօթանալու հնարաւորութիւն մըն է։ Ես կ՚ուզեմ ընդգծել, որ քննարկումներու հիմնական առանցքը այն ամէն ինչն է, որու մասին մենք կը խօսինք նաեւ հրապարակային», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Բաց աստի, Հայաստանի վարչապետը ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի նախագահին հետ իր հանդիպումը նախատեսուած չէր։ Ան աւելցուց. «Տաւոսի կազմակերպիչները իմանալով, որ երկուքս ալ այստեղ ենք, մեզի հարցուցին՝ արդեօք դէմ չե՞նք հանդիպման ու շփման։ Մենք ալ ըսած ենք, թէ ոչ, եւ ունեցած ենք անպաշտօն հանդիպում մը, զրուցեցինք ու քննարկեցինք։ Այս հանդիպման հիմքը եղած է այն պայմանաւորուածութիւնը, թէ ընդհանուր առմամբ, եթէ նոյն տեղը կը գտնուինք, առնուազն չխուսափինք որեւէ շփումէ»։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ շարունակեց Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի ծիրէն ներս հանդիպումները, որոնք կ՚աւարտին այսօր եւ ան կ՚ուղեւորուի Մոսկուա՝ մասնակցելու համար Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու հաւաքին։

Հինգշաբթի, Յունուար 24, 2019