ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՎԱՐԿ
Հայաստանի Ելմտական նախարար Գագիկ Խաչատրեան եւ Համաշխարհային դրամատան Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային տնօրէն Մերսի Թեմպօ երէկ ստորագրեցին վարկային համաձայնագիր մը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այս փաստաթուղթին հիման վրայ Համաշխարհային դրամատունը Հայաստանին պիտի տրամադրէ 55 միլիոն ամերիկեան տոլար վարկ՝ քսանհինգ տարուան ժամկէտով։ Այս ժամկէտին տասնչորսուկէս տարին պիտի ըլլայ արտօնեալ։
Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան հետ ստորագրուած «Տեղական տնտեսութեան եւ ենթակառուցուածքներու կառուցման ծրագրի» վարկային համաձայնագրով նախատեսուած է բարելաւել Հայաստանի ենթակառուցուածքային ծառայութիւններն ու հաստատութիւններու կարողութիւնները՝ նպաստելով Արարատի, Վայոց ձորի, Լորիի եւ Կոտայքի մարզերու տեղական տնտեսութիւններուն մէջ զբօսաշրջութեան աւելի մեծ մասնակցութեան։