ԷԼ ՊԱՊ ՔԱՂԱՔԸ ԻՇԻՊԷՆ ԱԶԱՏՈՒԱԾ

Սու­րիոյ հիւ­սի­սի Էլ Պապ քա­ղա­քը ամ­բող­ջու­թեամբ ա­զա­տուե­ցաւ Ի­ՇԻՊ-էն («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում)։ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած Ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կը ե­րէկ իր հա­կակշ­ռին տակ ա­ռաւ քա­ղա­քի կեդ­րո­նը։ Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շըք ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղե­կա­ցուց այս մա­սին եւ ա­ւել­ցուց, որ Թուր­քիա պի­տի ա­ջակ­ցի նաեւ Ռաք­քա­յի ա­զատ­ման ուղ­ղեալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն՝ ե­թէ ԵՓԿ-ՓԵՏ չու­նե­նայ մաս­նակ­ցու­թիւն։

Էլ Պա­պի ա­զա­տուի­լը զու­գա­դի­պե­ցաւ Ժը­նե­ւի մէջ՝ Սու­րիոյ տագ­նա­պի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վերսկս­ման փու­լին։

Միւս կող­մէ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ Ճո­զըֆ Տան­ֆորտ յայտ­նեց, որ կը պատ­րաս­տուին նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փին այ­լընտ­րանք­ներ ներ­կա­յաց­նել՝ թափ տա­լու հա­մար Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րին։ Ըստ Տան­ֆոր­տի, ի­րենք կը ձգտին տե­ւա­կա­նաց­նել Թուր­քիա-ԱՄՆ դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը եւ հա­մա­պա­տաս­խան գիծ մը որ­դեգ­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ պի­տի ըլ­լան ու­շա­դիր։ «Կա­րե­ւոր են մեր թուրք դաշ­նա­կից­նե­րը», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, որ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս առ­կայ է քրդա­կան հարց մը։ Իր խօս­քե­րով, գո­յու­թիւն չու­նի քրդա­կան միակ խմբա­ւո­րում մը։

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2017