ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ պաշտօնական այց մը տուաւ Թիֆլիզ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի եւ Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի կողմէ։
Կարապետեան նշեց, թէ հայկական որոշ գաղափարներով մեկնած է Թիֆլիզ։ Իր կարգին, Քվիրիքաշվիլին ալ յայտնեց, որ Վրաստան կը կարեւորէ բարեկամ Հայաստանի հետ համագործակցութեան ապագայ խորացումը։ Ըստ երկու վարչապետներուն, խաղաղութեան պահպանումը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի համագործակցութեան համար։
Միւս կողմէ, յառաջիկայ ամսուան կէսին Մարկվելաշվիլի պիտի այցելէ Պաքու։