ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՓԵԼԵՇԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 80-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՇՔԵՂ ԵՐԵԿՈՅԹ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՕՓԵՐԱՅԻ ՀԱՄԱԼԻՐԷՆ ՆԵՐՍ

Երեւեանի մէջ, Օփերայի համալիրէն ներս, երէկ երեկոյեան հանդիսաւորապէս նշուեցաւ յայտնի արուեստագէտ Արտաւազդ Փելեշեանի ծննդեան 80-ամեակը։ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչման արժանացած շարժանկարի բեմադրիչ Արտաւազդ Փելեշեանի ի պատիւ կազմակերպուած մեծարանքի երեկոյթը պատուեցին Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան։ Յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեան Արտաւազդ Փելեշեանը պարգեւատրեց Պատուոյ շքանշանով եւ անոր յղեց շնորհաւորութիւններ։ Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Պատուոյ շքանշանը ստանալէ վերջ Արտաւազդ Փելեշեան արտասանեց սրտի խօսք մը։

Յոբելենական երեկոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը՝ պարերով ու երաժշտական կատարումներով։ Այս ամբողջին մէջ հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբը՝ Յովհաննէս Չեքիճեանի մականին ներքեւ։ Բեմին վրայ զետեղուած էր նաեւ՝ Արտաւազդ Փելեշեանի 80-ամեակին առթիւ պատրաստուած խորհրդանշական կարկանդակ մը։

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2018