ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ զօրակցութեան այցելութիւն մը տուաւ Սուրիա, որ եւս բաւական լուրջ ցնցում մը կ՚ապրի վերջին իրերայաջորդ երկրաշարժներուն հետեւանքով։ Նախարարին այցելութեան զուգահեռ՝ Հայաստանէն Սուրիա ուղարկուեցաւ նաեւ մարդասիրական օժանդակութեան երրորդ բաժինը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, դէպի Սուրիա այցելութեան ծիրէն ներս Արարատ Միրզոյեան առաջին հերթին այցելեց Հալէպ, ուր իր զօրակցութիւնը յայտնեց երկրաշարժէն բոլոր տուժածներուն, մէկտեղուելով նաեւ տեղւոյն հայութեան հետ։

Աւելի վերջ Արարատ Միրզոյեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը անցաւ մայրաքաղաք Դամասկոս, ուր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ էլ Միքթատի կողմէ հիւրընկալուեցաւ։ Օրուան տեւողութեան Արարատ Միրզոյեան ընդունուեցաւ նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ՝ աղէտէն տուժած շրջաններէն ներս ստեղծուած իրավիճակը եւ առկայ խնդիրներու յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքները։ Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային գետնի վրայ համագործակցութեան։ Քննարկուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Արարատ Միրզոյեան Պեշար Էսատին ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները։ Ան այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս կանգ առաւ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակին վրայ։

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2023