ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ ԵՒ ԱՆԹՈՆԻՕ ԿՈՒԹԵՐԵՍԻ ՀԵՏ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Երկու զրոյցներուն ընթացքին ալ առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախէ ներս ստեղծուած իրավիճակը։

Փաշինեան-Փութին զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէն ներս ստեղծուած մարդասիրական, բնապահպանական եւ ուժանիւթի ճգնաժամին։ Վարչապետը կարեւորեց այս տագնապի յաղթահարման ուղղութեամբ Ռուսաստանի կողմէ անհրաժեշտ քայլերու իրականացումը։ Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան ընդգծեց ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի՝ Լաչինի միջանցքը Ատրպէյճանի կողմէ ապաշրջափակելու վերաբերեալ արձակուած վճիռը։ Քննարկուեցան Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած ղեկավարներու մակարդակով եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերեալ հարցեր։ Փաշինեան եւ Փութին կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։

Անթոնիօ Կութերեսի հետ զրուցելու ընթացքին ալ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէն ներս ստեղծուած մարդասիրական տագնապին եւ անոր յաղթահարման վերաբերեալ նիւթերուն։ Մասնաւորապէս քննարկուեցան դէպի Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջանցք ՄԱԿ-ի փաստահաւաք առաքելութիւն մը ուղարկելու վերաբերեալ հարցեր։ Փաշինեան եւ Կութերես ընդգծեցին Լաչինի միջանցքը Ատրպէյճանի կողմէ ապաշրջափակելու անհրաժեշտութիւնը եւ անոր անխափան գործունէութեան կարեւորութիւնը։ Զրուցակիցներուն միջեւ փոխադարձ ըմբռնում գոյացաւ, որպէսզի ՄԱԿ-ի կողմէ առաքելութեան մը ուղարկման հարցին շուրջ քննարկումները շարունակուին։ Կութերես նշեց, որ հարցը կը պահէ իր ուշադրութեան կեդրոնին։ Վարչապետը կարեւորեց նաեւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանին կողմէ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ ժամանակաւոր միջոցներ կիրառելու մասին Հայաստանի պահանջը բաւարարելու ուղղեալ դատավճիռը։ Վարչապետը եւ ընդհանուր քարտուղարը կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Գերմանիա։ Ան Պերլինի մէջ շփումներ պիտի ունենայ 2-3 մարտին։ Կը նախատեսուին իր հանդիպումները Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէրի եւ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ։ Պերլինի մէջ ան պիտի ունենայ նաեւ այլ տեսակցութիւններ։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ այցելած էր Պերլին։ Հարկ է յիշեցնել, որ ներկայ շաբթուան սկիզբին Հայաստանէ ներս պաշտօնապէս աշխատանքի ձեռնարկած Եւրոմիութեան առաքելութիւնն ալ կը գլխաւորուի Գերմանիոյ ներկայացուցիչին կողմէ եւ այդ երկիրը 100 հոգիէ բաղկացեալ այդ առաքելութեան մէջ ունի գերակշիռ ներկայութիւն։  

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2023