ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐԴԷՆ ԱՐՏԱՔՍԱԾ ԷՐ

«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած Պրիւք­սէ­լի վեր­ջին զգա­յա­ցունց յար­ձակ­ման ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հրա­պա­րա­կեց շատ կա­րե­ւոր տուեալ­ներ։ Պրիւք­սէ­լի յար­ձա­կում­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը ար­դէն ճշդուած են։ Այդ կեն­դա­նի ռում­բերն են Պրա­հիմ էլ Պաք­րաուի եւ իր եղ­բայ­րը՝ Հա­լիթ։ Ա­ռա­ջի­նը՝ 30-ա­մեայ, ինք­զինք պայ­թե­ցու­ցած է օ­դա­կա­յա­նին մէջ, իսկ երկ­րոր­դը՝ Հա­լիթ (27), ինք­զինք պայ­թե­ցու­ցած է մեթ­րո­յի մէջ։ Էր­տո­ղան ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, թէ այդ եր­կու ա­հա­բե­կիչ­նե­րէն մին ան­ցեալ տա­րի Յու­նի­սին Կա­զիան­թէ­պի մէջ ձեր­բա­կա­լուե­լով ար­տաք­սուած է Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րէն։ Այդ ան­ձը իր իսկ պա­հան­ջով ու­ղար­կուած է Հո­լան­տա։ Նոյն կա­պակ­ցու­թեամբ տե­ղե­կու­թիւն փո­խան­ցուած է նաեւ Ան­գա­րա­յի մօտ թէ՛ Հո­լան­տա­յի եւ թէ Պել­ժիոյ դես­պա­նու­թիւն­նե­րուն։ Ըստ Էր­տո­ղա­նի, հա­կա­ռակ թրքա­կան կող­մի զգու­շաց­ման՝ Պել­ժիա չէ կրցած ստու­գել ա­նոր կա­պը ա­հա­բեկ­չու­թեան հետ։

Մինչ այդ, տե­ղա­կան մա­մու­լը կը մատ­նան­շէ նաեւ, թէ թրքա­կան յա­տուկ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն կող­մէ Փա­րի­զի յար­ձա­կում­նե­րէն վերջ Եւ­րո­միու­թեան եր­կիր­նե­րուն տրա­մադ­րուած կաս­կա­ծեալ­նե­րու ցու­ցակն ալ ընդգր­կած է այս եր­կու եղ­բայր­նե­րուն ա­նու­նը։

Միւս կող­մէ, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ՝ քննար­կե­լով ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016