ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ԲԱՑ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑԱԾ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՆԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մօտ Իս­րա­յէ­լի նո­րան­շա­նակ դես­պան Է­լիա­հու Ե­րու­շայ­միի հետ, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Նո­րան­շա­նակ դես­պա­նին նստա­վայ­րը կը գտնուի Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան շնոր­հա­ւո­րեց դես­պա­նը եւ ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պատ­րաս­տա­կամ են սա­տա­րե­լու ա­նոր ջան­քե­րուն՝ երկ­կող­մա­նի կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման ու զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Սերժ Սարգ­սեան նշեց, որ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր պատ­մա­կան ա­ռըն­չու­թիւն­նե­րը կը պար­տա­ւո­րեց­նեն աշ­խու­ժաց­նել ու նոր ո­րակ մը հա­ղոր­դել միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ Սարգ­սեան կա­րե­ւո­րեց վեր­ջին շրջա­նին միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան եւ հան­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ նկա­տե­լի աշ­խու­ժու­թիւ­նը։

Իր կար­գին, Է­լիա­հու Ե­րու­շայ­մի նշեց, որ Իս­րա­յէլ կը փա­փա­քի Հա­յաս­տա­նի հետ ու­նե­նալ բաց ու զար­գա­ցած յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։ Ան յայտ­նեց, որ իր հետ Ե­րե­ւան տա­րած է Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան այդ պատ­գա­մը։ Որ­պէս դես­պան՝ պի­տի գոր­ծադ­րէ ա­մէն ջանք այդ պատ­գա­մը հնա­րա­ւո­րինս ա­րագ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Դես­պա­նին խօս­քե­րով, Իս­րա­յէ­լի մէջ խոր ակ­նա­ծան­քով կը վե­րա­բե­րուին հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ եւ ի­րեն հա­մար մեծ պա­տիւ է ծա­ռա­յել եր­կու հի­նա­ւուրց ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան ամ­րապնդ­ման ու միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս Հա­յաս­տան-Իս­րա­յէլ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն եւ հե­ռան­կար­նե­րուն։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ նա­խա­գա­հը եւ դես­պա­նը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու եւ զար­գա­ցում­նե­րու շուրջ։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017