ԼՈՆՏՈՆԻ ԱՀԱԲԵԿՉԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՐԶՈՒԵՑԱՒ

Լոն­տո­նի ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ։ Ե­րէկ, այս դէպ­քին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նեց Ի­ՇԻՊ-ը («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում)։ Մինչ այդ, Անգ­լիոյ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­ներն ալ պար­զե­ցին այս դէպ­քին տե­ղի տուած ա­հա­բե­կի­չին ինք­նու­թիւ­նը։ 52-ա­մեայ Խա­լիտ Մա­սուտն է ա­հա­բե­կի­չը, որ ծնած է Քեն­թի մէջ։ Ան նա­խա­պէս ա­պօ­րի­նի զէնք կրե­լու եւ հան­րա­յին կար­գը խախ­տե­լու վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու մի­ջա­մուխ դար­ձած է։ Ա­հա­բե­կի­չը ծնած է Անգ­լիոյ մէջ։

Ե­րէ­կուան դրու­թեամբ ա­հա­բեկ­չու­թեան զո­հե­րու թի­ւը բարձ­րա­ցաւ եւս մէ­կով, ո­րով­հե­տեւ վի­րա­ւո­րեալ­նե­րէն մին մա­հա­ցաւ։ Բա­ցի Անգ­լիոյ քա­ղա­քա­ցի­նե­րէն վի­րա­ւո­րեալ­նե­րու շար­քին կը գտնուին զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու հպա­տակ­ներ. ինչ­պէս՝ Ֆրան­սա, Ռու­մա­նիա, Հա­րա­ւա­յին Քո­րէա, Յու­նաս­տան, Գեր­մա­նիա, Լե­հաս­տան, Իր­լան­տա, Չի­նաս­տան, Ի­տա­լիա եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017