ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ԴԷՄ ԸՆԴՎԶՈՒՄ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Փեքինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վան Իի հետ։ Երկու նախարարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ Մոսկուա եւ Փեքին կը մերժեն աշխարհաքաղաքական խաղերն ու միակողմանի ապօրինի պատժամիջոցները, որոնք հետզհետէ աւելի կ՚օգտագործուին արեւմտեան երկիրներուն կողմէ։ Ռուսաստան եւ Չինաստան ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի իրենց ելմտական եւ առեւտրային յարաբերութիւնները պաշտպանեն այլ երկիրներու պատժամիջոցներու սպառնալիքէն։

Սերկէյ Լաւրով Փեքինի մէջ յայտնեց, որ Ռուսաստան յարաբերութիւններ չունի Եւրոմիութեան հետ՝ որպէս կազմակերպութիւն, որովհետեւ այդ յարաբերութիւններու ամբողջ ենթակառուցուածքը ոչնչացուած է՝ Պրիւքսելի միակողմանի որոշումներուն հետեւանքով։ Լաւրովի խօսքով՝ Եւրոպայի մէջ մնացած են սակաւաթիւ երկիրներ, որոնք կ՚առաջնորդուին ազգային շահով եւ Ռուսաստանի հետ կը պահպանեն գործընկերային երկխօսութիւն։ Իսկ միւսները ոչնչացուցած են բոլոր դրութիւնները։ «Արեւմտեան ճակատին վրայ մեր մօտ տակաւին փոփոխութիւն չկայ, իսկ Արեւելքին ունինք շատ խտացեալ օրակարգ մը, որ ամէն տարի կը հարստանայ», ըսաւ Լաւրով։

Այս տարի կը լրանայ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան եւ համագործակցութեան մեծ պայմանագրի 20-ամեակը, կողմերը համաձայնութեան հասած են այդ մէկը երկարաձգելու ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 24, 2021