ԲԱՑԱՌԻԿ ՀԱՄԱՐ ՄԸ

Գերմանիոյ մէջ հրատարակուող SCHNELLER պարբերականը վերջին համարը ձօնեց Հայաստանին եւ Արցախին։ Քրիստոնէական բնոյթով հրատարակութիւն մըն է այս մէկը, որ շատ ծանօթ է եւ իր տեսակին մէջ հեղինակաւոր հրատարակութիւն մը կը համարուի։ SCHNELLER-ի վերջին թիւը բացառիկ համարի մը նշանակութիւնը ունի, որովհետեւ ամբողջութեամբ նուիրուած է Հայաստանին եւ Արցախին։ Ճոխ լուսանկարներով, վառ դրուագներով պատրաստուած թիւ մըն է այս մէկը, որու բովանդակութեան մէջ յետպատերազմեան իրավիճակը ներկայացուած է բազմակողմանի ձեւով՝ Հայաստանին ու Արցախին բաժին վիճակած ճակատագրական մարտահրաւէրներով հանդերձ։ Յետպատերազմեան ծանր կացութիւնը ուսումնասիրուած է զանազան տեսանկիւններէ։ Թէ՛ ընդհանուր իրադրութիւնը եւ թէ մարդասիրական հանգամանքները հաւասարակշռուած ձեւով մատուցուած է ընթերցողներուն։ Քրիստոնէական պարբերականի այս բացառիկ թիւին մէջ լոյս տեսած է նաեւ Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու բաժանմունքի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի յօդուածը։

SCHNELLER-ի խմբագրականը գրի առնուած է Քաթիա Տորոթի Պաքի կողմէ։ Այս առթիւ նշուած է, որ Հայաստան կը գտնուի Կովկասի մէջ, իսկ այս համարի պարագային աշխատակցութիւն բերած են զանազան երկիրներէ հայեր. ինչպէս՝ Գերմանիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Իսրայէլ, Իրան, Լիբանան, Սուրիա եւ Թուրքիա։ Բնականաբար հեղինակներ կան նաեւ Հայաստանէն։ Այս երեւոյթը խմբագրականին մէջ ներկայացուած է որպէս այժմու հայկական ինքնութեան դրսեւորում։

Չորեքշաբթի, Մարտ 24, 2021