ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ունեցան հանդիպում մը, որու ընթացքին քննարկեցին երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Անոնք կանգ առին ներքին քաղաքական մթնոլորտի բարելաւման ուղղեալ անհրաժեշտ քայլերու իրականացման վրայ։ Նախագահը եւ վարչապետը այս ամբողջին մէջ քննարկեցին Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրական դաշտի կատարելագործման վերաբերեալ հարցեր։

Նիկոլ Փաշինեան վերջերս ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը կատարելով տեղեկացուցած էր, որ յունիսի 20-ին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման որոշման յանգած է։ Այդ թուականի հրապարակումէն վերջ առաջին անգամ ուղղակի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նախագահին ու վարչապետին միջեւ։ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելելով տեսակցած էր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 24, 2021