ՄՈՒՐԱՏ ԷՕՎԻՒՉ ԱՐԴԱՐԱՑՈՒԱԾ

Իսթանպուլի 14-րդ Պատժական ատեանը արձակեց իր վճիռը՝ ընկերային ցանցերու աստղ Մուրատ Էօվիւչի դէմ բացուած դատին շուրջ։ Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ Մուրատ Էօվիւչի դէմ դատ բացած էր անոր կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած հրապարակումի մը բերումով։

Խնդրոյ առարկայ հրապարակման մէջ Մուրատ Էօվիւչ հայկական հարցին բերումով ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանի դէմ հակազդեցութիւն արտայայտած էր՝ անարգական վերագրումներ ընելով նաեւ հայերուն։ Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ դատարան դիմած էր՝ Մուրատ Էօվիւչի կողմէ ժողովուրդի մէկ հատուածը ցեղի հիմքով անարգելու մեղադրանքով։

Իսթանպուլի 14-րդ Պատժական ատեանին մօտ տեղի ունեցած դատավարութեան մասնակցած են Մուրատ Էօվիւչ, իր փաստաբանը եւ Սիմոն Չեքէմ։

Դատավարութեան ընթացքին Մուրատ Էօվիւչ դիտել տուած է, որ իր ելոյթի ամբողջին մէջ Թուրքիոյ հայերը որակած է իր եղբայրը, անոնց դէմ որեւէ արտայայտութիւն չէ ունեցած, իր խօսքերու թիրախը եղած է Քիմ Քարտաշեան, որ անարգած է Օսմանեան պետութիւնը։ Ուստի, ան մերժած է իրեն վերագրուած մեղադրանքները։

Իր կարգին, Սիմոն Չեքէմ դատակազմի նկատառման յանձնած է, որ Մուրատ Էօվիւչ ոեւէ անձ չէ մասնաւորած եւ իր վերագրումները ընդհանրական բնոյթ կրած են՝ ինչ որ ակնյայտօրէն կ՚երեւի հրապարակման բովանդակութիւնով։ Ուստի, ան պահանջած է Մուրատ Էօվիւչի պատժուիլը։

Այս բոլորի լոյսին տակ դատարանը յանգած է այն եզրակացութեան, որ մեղադրեալը իրեն վերագրուած յանցագործութիւնը չէ կատարած, ուստի Մուրատ Էօվիւչ արդարացուած է։

Չորեքշաբթի, Մարտ 24, 2021