ՇԱՔԱՐԱԽՏ-ՔԱՂՑԿԵՂ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Լոնտոնի Կայսերական քոլէճի գիտնականները յայտարարած են, որ քաղցկեղը դարձած է շաքարախտի հիւանդներու պարագային մահացութեան հիմնական պատճառը: Գիտնականները նման եզրայանգման եկած են շաքարախտի հիւանդ աւելի քան 300 հազար մարդու մասնակցութեամբ կատարուած հետազօտութենէ յետոյ: Հետազօտութիւնը, որու արդիւնքները հրապարակուած են «The Lancet Diabetes & Endocrinology» պարբերականին մէջ, տեւած է 18 տարի:
Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ 2001-2018 թուականներու միջեւ սրտի հիւանդութիւններն ու ուղեղի կաթուածը դադրած են ըլլալ շաքարախտի հիւանդներու շրջանին մահացութեան հիմնական պատճառը, մինչդեռ ընդամէնը 18 տարի առաջ այս հիւանդութիւններն էին առաւել յաճախ շաքարախտով հիւանդներու մահուան պատճառ:
Ուսումնասիրութեան ընթացքին Հանրային առողջապահութեան կայսերական քոլէճի գիտնականները ուսումնասիրած են 2001-2018 թուականներուն առաջնային բժշկական օգնութիւն ստացած 313,9 հազար մարդու անանուն տուեալներն ու զանոնք կապած՝ անոնց մահուան դէպքերու վերաբերեալ Ազգային վիճակագրութեան գրասենեակի տուեալներու