ՍԻՒՆԻՔԻ ՀԱՄԱՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին տարածքաշրջանի ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները անդրադարձան Հայաստանի բանակէն ներս ձեռնարկուած լայնածաւալ բարեփոխումներու հիմնական ուղղութիւններուն։ Անոնք կանգ առին Հայաստան-Ռուսաստան ռազմական համագործակցութեան վրայ՝ մասնաւորապէս համատեղ զօրախումբի միասնական գործողութիւններուն վերաբերեալ խնդիրներու լոյսին տակ։ Յարութիւնեան եւ Շոյկու խօսեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ ձեռնարկուած առաքելութեան ընթացքը։ Զրուցակից նախարարները առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձուցին այն միջոցառումները, որոնք Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն ներս կ՚իրականացուին անվտանգութեան նպատակով։

Բաց աստի, Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Վալերի Կերասիմովի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս զրոյցի ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկած են Սիւնիքի մարզի անվտանգային խնդիրներու լուծման վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Քննարկուեցան Հայաստան-Ռուսաստան ռազմական համագործակցութեան խնդիրները՝ մասնաւորապէս համատեղ զօրախումբի միասնական գործունէութիւնը։ Կողմերը անդրադարձան հայկական բանակի արդիականացման եւ անոր վերաբերեալ լայնածաւալ բարեփոխումներու ծրագրերուն։ Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Վալերի Կերասիմով համաձայնեցան, որպէսզի յիշեալ հարցերու շուրջ առաւել հանգամանալից քննարկումներ կատարելու նպատակով մօտաւոր ապագային Ռուսաստանէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Հայաստան այցելէ եւ տեղի ունենան բանակցութիւններ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՊԱՅՐԱՄՈՎ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու շինարարութիւնը դրական ազդեցութիւն պիտի գործէ Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական զարգացման վրայ։ Իտալական մամուլին տուած հարցազրոյցի մը մէջ Պայրամով պնդեց, որ Պաքու յետպատերազմեան վերականգնման եւ խաղաղ համագոյակցութեան նոր էջ մը կը բանայ։ Ըստ իրեն, այստեղ առանցքային հարցն է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյացած պայմանաւորուածութիւններու պատշաճ կատարումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի յայտարարութեան համաձայն։ «Սա կայուն խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ տարածքաշրջանի բարգաւաճման միակ ուղին է», ըսաւ Պայրամով եւ աւելցուց, որ նոր փոխադրութեան ուղին պիտի միաւորէ Նախիջեւանն ու Ատրպէյճանը։ Սա նոյնպէս պիտի բարելաւէ կապը Հարաւային Կովկասի երկիրներու եւ անոնց հարեւաններուն միջեւ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 24, 2021