ՎԵՐՋԱՊԷՍ ՋՆՋՈՒԵՑԱՒ

Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկուան նիստի ընթացքին հերթական անգամ քննարկեց երկրէն ներս ռազմական դրութեան վերջ տալու հարցը։ Համապատասխան առաջարկը հերթական անգամ ներկայացուած էր խորհրդարանական ընդդիմութենէն «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւններուն կողմէ։ Հակառակ, որ պատերազմի աւարտելէն ի վեր ամիսներ անցած է՝ Հայաստանի իշխանութիւնները երկրէն ներս ռազմական դրութիւնը չեն դադրեցուցած։ Այլեւս ակնյայտ փաստ մը դարձած է, որ կառավարութիւնը այդ ռազմական դրութիւնը կ՚օգտագործէ՝ ընդդիմութիւնը զսպելու համար։

Խորհրդարանի երէկուան քննարկումներուն ժամանակ տեղի ունեցաւ աննախընթաց իրադարձութիւն մը։ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան կոչ ուղղեց, որպէսզի երեսփոխանները այս անգամ կողմ քուէարկեն արտակարգ դրութեան վերջ տալու առաջարկին՝ ի տարբերութիւն նախորդ անգամներուն։

Յամենայնդէպս, երկրի մամուլը կը գրէ, որ հակառակ խորհրադարանի նախագահի յայտարարութեան՝ կառավարութիւնը տակաւին վերջնական դիրքորոշում մը չէ յայտնած այս հարցին շուրջ։ Արդարեւ, վերջին խօսքը պիտի վիճակի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ ըստ իր կողմէ տրուելիք ազդանշանին, այս օրուան քուէարկութեան ժամանակ դիրքորոշում մը պիտի որդեգրեն «Իմ քայլը» մեծամասնութեան խմբակի պատգամաւորները։

ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼԸ

Միւս կողմէ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը։ Այս առթիւ տեղեկացուեցաւ, որ շուրջ ամիս մը վերջ ընդդիմադիր ուժերը որոշած են ազատել Երեւանի կեդրոնի Բաղրամեան պողոտան։ Այսպէսով երթեւեկութեան կը վերաբացուի այս պողոտան, որուն վրայ կը գտնուի խորհրդարանի շէնքը։ Ասով հանդերձ, խորհրդարանի համալիրի յարակից Տեմիրճեան փողոցը ընդդիմութեան կողմէ փակ կը պահուի եւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը որոշած է այդ փողոցը դարձնել իր կեդրոնակայանը։

Խորհրդարանը համապատասխան սպասումներով պայմանաւորուած վիճակի մը մէջ ձեռնարկեց այս առաւօտեան նիստին։ Ժողովի ընթացքին քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ՝ ռազմական դրութեան գործադրութիւնը բաւ համարելու նիւթին շուրջ։ Ընդդիմութեան կողմէ ներկայացուած համապատասխան բանաձեւը արժանացաւ հաւանութեան։ 118 երեսփոխան կողմ քուէարկեց, 1 երեսփոխան՝ դէմ, 1 երեսփոխան ալ մնաց ձեռնպահ։ Այսպէսով Հայաստանի մէջ ռազմական դրութեան գործադրութիւնը դադրեցաւ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 24, 2021