Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԼԵՀԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը որոշած է ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Լեհաստան՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Լեհաստանի նախագահ Անտրէյ Տուտայի հրաւէրին ընդառաջ Նորին Սրբութիւնը պիտի իրականացնէ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին իրեն պիտի ընկերանան Գատըգիւղի Էմմանուել Մետրապոլիտը եւ Հայր Եագոպոս Քրոչաքը։ Յունաց պատրիարքին հրաւէր ուղղած է նաեւ Վարշաւիոյ Սավվա Մետրապոլիտը, որ Լեհաստանի Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդն է։
Առկայ պատերազմական իրավիճակին մէջ Լեհաստան կը հիւրընկալէ Ուքրայնայէն հոծ թիւով ապաստանեալներ։ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք այցելութեան ընթացքին պիտի պատարագէ անոնց մխիթարութեան համար։
Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2022