ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԿԱՆՉԸ

1915-էն 107 տարի անց համայն հայութիւնը այս շաբաթավերջին վերստին համախմբուած է Մեծ եղեռնի սրբադասեալ նահատակներու յիշատակին շուրջ՝ խնդրելով անոնց բարեխօսութիւնը։ 24 Ապրիլի տարելիցը հայաշխարհը այս տարի կոչած է արդի մարտահրաւէրներուն դիմակայելու հրամայականը։ 24 Ապրիլի տարելիցին հայաշխարհը կը զգայ ցեղասպանութեան նահատակներու կանչը։ 1915-էն աւելի քան դար մը անց, այս շաբաթավերջին, հայաշխարհի ուշադրութիւնը վերստին կեդրոնացած է Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ, ուր զետեղուած ծաղիկներն ու ծխուած խունկը, կատարուած աղօթքներն ու երկինք բարձրացած բարեխօսութեան հայցը, շարականներու մեղեդիները կը խորհրդանշեն խաղաղ ապագայ մը կերտելու ձգտումն ու կամքը։

Հայաստանի այսօր դիմագրաւած իրավիճակը համազօր է ցեղասպանութեան յաջորդած վերապրելու պայքարին, երբ հայոց պետականութիւնը գոյատեւելու, յարատեւելու տագնապի դէմ յանդիման մնացած է, համայն հայութեան տեսակէտէ անյետաձգելի դարձած է նորովի իմաստաւորել Մեծ եղեռնի յիշողութիւնը։ Հայոց սուրբ նահատակներու յիշատակը յաւերժացնելու նախապայմանն է երաշխաւորել ազատ ու անկախ պետականութեան գոյատեւումը։ Արդարեւ, առանց պետականութեան այսօր այլեւս ազգը չունի ապագայ եւ իր նահատակներուն նուիրական յիշատակն ալ վառ չի կրնար մնալ՝ առանց անոր։

Ցեղասպանութեան նահատակներու կանչին ընդմէջէն այսօր կը բիւրեղանայ, որ հայութիւնը պէտք է անպայման գլուխ հանէ խաղաղ ու անվտանգ Հայաստան մը կերտելու մարտահրաւէրը։ Խաղաղութիւն հաստատելը տկարներու գործը չէ։ Արդարութիւն հաստատելը բնորոշ է հզօրին։ Ուստի, նահատակներու նուիրական յիշատակին նկատմամբ հաւատարմութիւն ցուցաբերելու զուգահեռ՝ զերծ պէտք է մնալ յաւերժ տուժածի հոգեբանութենէն ու պէտք է հայեացքը ուղղել դէպի ապագայ, որպէսզի հայութիւնը ունենայ կենսունակ պետութիւն. կենսունակ պետութիւն, որ միակ ապաւէնը կրնայ ըլլալ իր ապագային, հզօ՛ր եւ արդա՛ր գալիքին, որու տեսիլքը ժամանակներու մէջ կ՚ապահովէ վերապրած ազգի բնորոշ իմաստութիւն, իրատեսութիւն եւ ինքնավստահութիւն։

Կիրակի, Ապրիլ 24, 2022