ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՄՈԶՈՒԱԾ Է, ԹԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՀԱՍԿՆԱՅ ԱՅԺՄՈՒ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յոյս յայտնեց, թէ Հայաստան կը ձերբազատուի՝ սփիւռքին կողմէ իրեն պարտադրուած խաւարէն։

Դէպի Իրաք պաշտօնական այցելութենէն վերադարձին, նախագահ Էրտողան օդանաւին մէջ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս փուլին ան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Նախագահ Էրտողան, որ այսօր պատգամ մը հրապարակած է 24 Ապրիլի առթիւ, ճիշդ նախօրեակին խօսեցաւ նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն մասին։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, օդանաւին մէջ լրագրողներ նախագահ Էրտողանին յիշեցուցին, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն 1915 թուականի դէպքերուն անդրադառնալու ժամանակ խուսափած էր «ցեղասպանութիւն» բնորոշումը տալէ ու բաւարարուած էր՝ Մեծ եղեռն բանաձեւումով։ Նոյնպէս լրագրողները ընդգծեցին, որ Փաշինեան յայտնած էր, որ Արարատ լեռը Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ կը գտնուի եւ ըստ այդմ քննադատած էր անոր Հայաստանի զինանշանին վրայ տեղ գտած ըլլալը։

Ի պատասխան այս բոլորին՝ Էրտողան ըսած է հետեւեալը. «Տարածաշրջանէն ներս այլեւս նոր աշխարհակարգ մը կը ստեղծուի։ Անհիմն յիշողութիւնները մէկ կողմ թողելու ժամանակը եկած է ու կ՚անցնի։ Ժամանակի իրողութիւններով պէտք է վարուիլ։ Սա միշտ շատ աւելի լաւ է՝ քան իրականութեան հետ կապ չունեցող շինծու պատմական հեքիաթները։ Ներկայիս Փաշինեանն ալ այս բոլորը հասկցած ըլլալ կը թուի»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախագահը ընդգծեց, որ պատմութեան ընթացքին պատահածներու գնահատականը պէտք է տրուի պատմաբաններուն կողմէ։ Թուրքիա այս ուղղութեամբ ի սկզբանէ շատ յստակ վարուած է ու բացած են իր արխիւները։

Էրտողան լրագրողներուն հետ զրուցելու ժամանակ նշեց, որ այժմ ժամանակն է՝ իրատես գետնի մը վրայ նոր ճանապարհային քարտէսներ ձեւաւորելու։ «Կը յուսամ Հայաստան կ՚ընտրէ՝ լուսաւոր ապագաներու համար նոր մեկնարկներու ճանապարհը։ Հնարաւորութիւններու պատուհանները յաւերժ բաց չեն մնար։ Զանոնք պէտք է լաւ արժեւորել՝ որքան ատեն, որ բաց են», աւելցուց ան։

Ի լրումն այս բոլորին, Էրտողան մատնանշեց, որ ո՛չ միայն սփիւռքը, այլեւ ուրիշ դերակատարներ ալ այս գործընթացէն ներս գրգռիչ դեր կը խաղան ու կը ջանան ազդեցութիւն գործել Հայաստանի վրայ։ «Մենք այս բոլորը կը նկատենք։ Ատեն-ատեն մենք ալ մեր կողմէ զգուշացումներ կը կատարենք։ Կը յուսամ՝ Հայաստան ճիշդ ճանապարհը կ՚ընտրէ ու նոր շրջան մը կը սկսի», եզրափակեց նախագահը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024