ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Մայիսի 22-ին՝ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ, երգահան, բանաստեղծ, գրող ու դերասան Շարլ Ազնաւուր դարձաւ 92 տարեկան։ Այս առթիւ Շարլ Ազնաւուրի 92-րդ տարեդարձը հայաստանցի հանդիսատեսի կեանքին մէջ նշանաւորուեցաւ համերգով մը: Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ բացօթեայ համերգ մը՝ նուիրուած աշխարհահռչակ երգիչին 92-ամեակին:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ ելոյթներով հանդէս եկան անուանի երաժիշտներ Լեւոն Մալխասեան, Արամօ, Տիգրան Համասեան, «Արտ Սինեմա» անսամպլը, Սօնա Շիրոյեան եւ Հայկ Պետրոսեան: Համերգի ընթացքին հնչեցին Շարլ Ազնաւուրի լաւագոյն ստեղծագործութիւններու կատարումները: Կազմակերպիչները այս ձեռնարկի մեկնարկով նպատակ ունին ամէն տարի նշելու Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան օրը՝ իր իսկ անուան հրապարակին վրայ: