Յայտնի Երգչուհի եւ Դերասանուհի Շեր նշեց Իր Ծննդեան 70-ամեակը

Հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով ա­մե­րի­կեան հան­րա­յայտ երգ­չու­հի եւ դե­րա­սա­նու­հի Շեր (Շե­րի­լին Սարգ­սեան) Մա­յի­սի 20-ին նշեց իր ծննդեան 70-ա­մեա­կը:

Երգ­չու­հին ծնած է 1946 թուա­կա­նի Մա­յի­սի 20-ին, Էլ Սենթ­րօ քա­ղա­քին մէջ (Գա­լի­ֆոր­նիա): Հայ­րը՝ Ճոն Փոլ Սարգ­սեա­ն, բեռ­նա­տա­րի վա­րորդ ե­ղած է: Մայ­րը՝ Ճոր­ճիա Հոլ­թ՝ դե­րա­սա­նու­հի: Շե­րի ծնող­նե­րը ա­մուս­նա­լու­ծուած են, երբ ան փոքր ե­ղած է:

Ան այն քիչ աստ­ղե­րէն է, որ միա­ժա­մա­նակ ու­նի թէ՛ «Օս­քար», թէ՛ «Կրեմ­մի», թէ՛ «Էմ­մի» եւ թէ՛ «Ոս­կէ կլո­պ», ո­րոնք ստա­ցած է շար­ժան­կա­րի, ե­րաժշ­տու­թեան եւ հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան ո­լոր­տին մէջ աշ­խա­տե­լու ըն­թաց­քին:

Իր աս­պա­րէ­զի ըն­թաց­քին, որ կը շա­րու­նա­կուի ար­դէն ա­ւե­լի քան յի­սուն տա­րիէ ի վեր, Շեր դար­ձած է այն կա­տա­րող­նե­րէն մէ­կը, որ ու­նի ա­մե­նա­շատ թի­ւով վա­ճա­ռուած ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րը ե­րաժշ­տա­կան ո­լոր­տի պատ­մու­թեան մէջ:

Երգ­չու­հիին աս­պա­րէ­զը սկսած է 17 տա­րե­կա­նին՝ եր­ջա­նիկ պա­տա­հա­կա­նու­թեամբ: 1962 թուա­կա­նին ան սրճա­րա­նի մը մէջ կը ծա­նօ­թա­նայ ե­րաժշ­տա­կան ար­տադ­րո­ղի օգ­նա­կան Սո­նի Պո­նո­յի հետ, ո­րուն մօտ կը տե­ղա­փո­խուի ապ­րե­լու: Ըն­կե­րու­թիւ­նը կը վե­րա­ծուի սի­րոյ, ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կ՚ա­մուս­նա­նան, իսկ 1964 թուա­կա­նին կը ձե­ւա­ւո­րուի «Սո­նի եւ Շեր» ե­րաժշ­տա­կան զոյ­գը:

Շեր միակ երգ­չու­հին է, ո­րուն եր­գե­րը յի­սուն տա­րուան ըն­թաց­քին յայտ­նուած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ա­ռա­ւել յայտ­նի կա­տա­րում­նե­րու յայտ­նի տաս­նեա­կին մէջ: Ան ու­նի քա­նի մը «ոս­կէ» եւ «փլա­թի­նէ» ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­ներ:

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016