ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի եւս տե­ղի ու­նե­ցաւ Սուրբ Զատ­կի ա­ւան­դա­կան ճա­շա­սե­ղա­նը։ Թէեւ տօ­նա­կան շրջա­նէն ո­րոշ ժա­մա­նակ անց կեան­քի կո­չուե­ցաւ այս տա­րուան հա­ւա­քը, սա­կայն այդ յա­պա­ղու­մով հան­դերձ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ստեղ­ծուած ա­ւան­դու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ իր շա­րու­նա­կու­թիւ­նը։

Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէ­մի եւ իր տե­ղա­կալ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ այս տա­րուան սե­ղա­նը սար­քուե­ցաւ Հա­թա­յի մէջ։ Փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վա­քըֆ­նե­րու վա­րիչ­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան մէկ­տե­ղուե­լու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէ­մի եւ միւս բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն հետ։ Ան­ցեալ Եր­կու­շաբ­թի Ան­տիո­քի Յոյն Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քը, ո­րուն մեր հա­մայն­քէն ներ­կայ գտնուե­ցան Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, ինչ­պէս նաեւ մեր բազ­մա­թիւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն ա­տե­նա­պետ­ներ։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին տնօ­րէ­նը հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը։

Միւս կող­մէ, այս հա­ւա­քոյ­թէն օր մը ա­ռաջ՝ ան­ցեալ Կի­րա­կի, Թո­րոս Ալ­ճան Վաքֆ­լը­գիւ­ղի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ատ­նան Էր­թէ­մը եւ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը։ Հիւ­րե­րուն միա­ցաւ նաեւ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի ծխա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ճեմ Չա­փար, ո­րու բնա­կա­րա­նին մէջ սար­քուած ճա­շա­սե­ղա­նին շուրջ ստեղ­ծուե­ցաւ ան­մի­ջա­կան ու ջերմ զրոյ­ցի մը մթնո­լոր­տը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017