ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուր­քիոյ, Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ ե­ռա­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կը զար­գա­նայ զա­նա­զան ձե­ւա­չա­փե­րու մէջ։ Այս ե­րեք եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Պա­թու­մի մէջ, ուր կանգ ա­ռին ու­ժա­նիւ­թի մի­ջոց­նե­րու եւ աղ­բիւր­նե­րու փո­խանց­ման ըն­թաց­քին անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն վրայ։

Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շըք ե­րէկ Պա­թու­մի մէջ մէկ­տե­ղուե­ցաւ Վրաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Լե­ւան Ի­զո­րիա­յի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Զա­քիր Հա­սա­նո­վի հետ։ Ե­ռա­կող­մա­նի այս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւն­քին ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յու­շա­գիր մը ստո­րագ­րուե­ցաւ այս ե­րեք եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ։ Պա­թու­մի մէջ ե­րէկ նա­խա­րար­նե­րը հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցու­ցին, որ­պէս­զի յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան Վրաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուի ե­ռա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փով նոր հան­դի­պում մը՝ այս ան­գամ ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Նա­խա­րար­նե­րը հա­մո­զուած են, թէ Թուր­քիոյ, Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ­նե­րուն հան­դի­պու­մը կը ներ­կա­յաց­նէ կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան ա­նոնք ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի տե­սակ­ցին։ Պա­թու­մի տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին նա­խա­րար­նե­րը քննար­կե­ցին նաեւ ծրագ­րա­ւո­րուած ե­ռա­կող­մա­նի զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րը։ Ռազ­մա­փոր­ձե­րու ստոյգ ժամ­կէտ­նե­րը ա­ռայժմ կը մնան անս­տոյգ։

Պա­թու­մի քննար­կում­նե­րու ա­ւար­տին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Ա­նոնք շաշ­տե­ցին, որ Թուր­քիա, Վրաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ու մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կով պի­տի շա­րու­նա­կեն մաս­նակ­ցիլ խա­ղա­ղու­թեան ու կա­յու­նու­թեան ա­պա­հով­ման։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017