ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻ ՎՃԻՌԸ

Սահմանադրական ատեանը նախընթաց օր օրակարգի վրայ ունեցաւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի առկախեալ ընտրութեան հարցի վերաբերեալ թղթածրարը։ Բարձրագոյն դատարանը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ պատրիարքական ընտրութեան առկախումբը տեղի տուած է կրօնի ազատութեան ոտնահարման։

Թէեւ հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանումով այլեւս որեւէ իրաւական արգելք գոյութիւն չունի պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու համար, սակայն հաշուի առնելով, որ անցեալ տարիներուն զանազան հարթութիւններու վրայ վէճի առիթ դարձած է պատրիարքական ընտրութեան առկախումը եւ այդ ամբողջին մէջ գործադիր իշխանութիւնները, դիւանակալական մարմինները կատարած են զանազան կարգադրութիւններ։ Այդ բոլորի հիման վրայ, Սահմանադրական ատեանը նախընթաց օրուան նիստին ժամանակ արժեւորած է իրադրութիւնը։ 11 կողմ եւ 4 դէմ ձայներով Բարձրագոյն դատարանը արձակած է վճիռ մը, ըստ որու կրօնի ազատութեան դէմ ոտնձգութիւններու վերաբերեալ պնդումները համարուած են ընդունելի։ Այսպէսով, Սահմանադրութեան 24-րդ յօդուածով երաշխաւորուած կրօնի ազատութեան ոտնահարուած ըլլալուն ուղղութեամբ արձակուած է վճիռ մը։

Հարկ է նշել, որ Մեսրոպ Պատրիարքի անհանգստութեան առաջին շրջանին ստեղծուած էր ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմին մը, որու գործունէութիւնը դադրեցուած էր յաջորդող փուլերուն Իսթանպուլի կուսակալութենէն հասնող հրահանգներու հիման վրայ։ Այդ ժամանակէն ի վեր նախաձեռնարկ մարմինը զանազան աստիճանի դատարաններու մօտ կատարած էր դիմումներ, որոնց ապարդիւն մնալու բերումով թղթածրարը ի վերջոյ հասած էր Սահմանադրական ատեան։ Այժմ երկրի հիմնական դատական մարմինը յանգած է այն եզրակացութեան, թէ անցեալ շուրջ տասն տարուան ժամանակաշրջանին պատրիարքական ընտրութեան առկախուած ըլլալը խոտոր կը համեմատի կրօնական ազատութեան։

Ուրբաթ, Մայիս 24, 2019