ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՆՈՐ ՄԻԼԻԱՌԱՏԷՐԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ աշխարհի վրայ աւելցած է միլիառատէրերու թիւը։ «COVID-19»ի դէմ պատուաստանիւթերու արտադրութեան բերումով ինն նոր միլիառատէր գոյացած է աշխարհի վրայ։ «The People’s Vaccine Alliance» շարժման կողմէ պատրաստուած զեկոյցին մէջ այս կապակցութեամբ ներկայացուած են մանրամասնութիւններ։ 

Աշխարհի ինն նոր միլիառատէրերու շարքին կը գտնուի ամերիկահայ գիտնական, ձեռներէց եւ բարերար Նուպար Աֆէեան։ Այս վերջինը ամերիկեան «Moderna» ընկերութեան համահիմնադիրն է եւ տնօրէններու խորհուրդի նախագահը։ Նուպար Աֆէեանի ընկերութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթի արտադրութեան աշխատանքներուն բաւական երկար ժամանակ առաջ ձեռնարկած էր։ Ըստ վերջին հաղորդումներուն, Նուպար Աֆէեանի կարողութիւնը կը գնահատուի 1.9 միլիառ ամերիկեան տոլարի սահմանին։ 

Ինչպէս ծանօթ է, Նուպար Աֆէեան սփիւռքահայ այն յայտնի գործիչներէն մին է, որ բաւական աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ հայկական կեանքին։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021