ԱՆԳԱՐԱ-ՓԱՐԻԶ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Անգարայի եւ Փարիզի իշխանութիւններուն միջեւ ներկայիս ծնունդ առած է լարուածութիւն մը։ Այսպէս, Թուրքիա եւ Ֆրանսա՝ Լիպիոյ իրադարձութիւններու վերաբերեալ հակադիր դիրքորոշումներուն բերումով կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէր մը։ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն վերջին օրերուն յայտարարեց, որ Թուրքիա վտանգաւոր խաղ մը կը խաղայ Լիպիոյ մէջ։ Մաքրոնի յայտարարութիւնները յաջորդեցին ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովին, որու ընթացքին եւս Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ յառաջացաւ լարուածութիւն մը։ Ֆրանսական կողմը պնդեց, որ թրքական կողմը Լիպիոյ մէջ սադրած է իր նաւատորմի ռազմանաւերէն մին։ Ժողովի ընթացքին թրքական կողմը հերքած էր այդ պնդումները։ Իսկ նախագահ Մաքրոնի յայտարարութիւններուն Անգարա արձագանգեց բուռն ձեւով։

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ խիստ յայտարարութիւնով մը պատասխանեց Մաքրոնին։ Բանբերը յայտնեց, որ Ֆրանսա տարիներէ ի վեր կը խրախուսէ ապօրինի խմբաւորումներ եւ կարեւոր պատասխանատուութիւն ունի Լիպիոյ մէջ ստեղծուած առկայ քաոսին ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, Թուրքիա նեցուկ կը հանդիսանայ Լիպիոյ օրինական կառավարութեան եւ այդ օրինական կառավարութեան տրուած նեցուկի «վտանգաւոր խաղ» որակումը կրնայ բացատրուիլ միայն մտախաւարումով մը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020