ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԱՒԵԼԻ ՆՈՒԱԶ՝ ՔԱՆ ԱՌՈՂՋԱՑԱԾՆԵՐԸ
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան տեղեկացուց, որ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երկրէն ներս ցարդ կատարուած քննութիւններուն թիւը անցած է 3 միլիոնի շեմը։ Նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց համավարակի մթնոլորտին վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 42 հազար 982 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1268 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 27 հիւանդ մահացաւ, իսկ առողջացածներուն թիւը եղաւ 1315։ Ներկայիս խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 893 հիւանդ։ Արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ վարակեալներուն թիւն է 362։
Նախարար Ֆահրետտին Քոճա ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ բուժուած հիւանդներու թիւը աւելի բարձր է նոր վարակեալներէն։ «Աւելի բնականոն կեանքի մը համար պէտք է նախազգուշական միջոցներուն հնազանդելով նուազեցնենք նոր վարակեալներու թիւը», յայտնեց Ֆահրետտին Քոճա։
Ինչպէս ծանօթ է, այս շաբաթավերջին Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած են համալսարանի մտից քննութիւնները։ Ինչպէս արդէն յայտարարուած է, երկրի բոլոր քաղաքներուն մէջ, շաբաթավերջի երկու օրերուն քըն-նութեան ժամերուն փողոց դուրս գալու սահմանափակում հաստատուած է։ Անցեալ շաբաթավերջի լիսէներու մտից քննութեան առթիւ ալ նման սահմանափակում մը գործադրուած էր միօրեայ ձեւով։ Իսկ համալսարանի մտից քննութիւններու պարագային սահմանափակումը կը գործադրուի երկօրեայ։