Ուրբաթ 27, Դեկտեմբեր 2024
ԻՆՔՆԱՄԵԿՈՒՍԱՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ…
Հոլիվուտի աշխարհահռչակ դերասանուհի Կուինէթ Փալթրոու զարդարեց Shape հանդէսի յուլիս-օգոստոս ամիսներու միացեալ համարի կողքը։
47-ամեայ դերասանուհին ամսագրի համար լողազգեստով եւ ամառնային տրամադրութեամբ լուսանկարներու շարք մը ներկայացուց՝ խօսելով քորոնաժահրի համավարակի օրերուն ընտանիքի հետ ինքնամեկուսանալու մասին։
«Ես երբեւէ չէի մտածած, թէ կեանքի բնականոն հունը բացասականօրէն որքան կ՚ազդէ մեր մարմնին, բանականութեան եւ ջղային համակարգին վրայ», ըսաւ օսքարակիր դերասանուհին։
«Ինքնամեկուսացումը յուզական մեծ ցնցում յառաջացուցած է ոմանց մօտ, իսկ ուրիշներուն՝ հանգստութեան զգացում պարգեւած: Կրնամ ըսել՝ իմ պարագային զգացի թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը», յայտնեց դերասանուհին։
Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020