ԿԸ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒԻ ՏԱՅԱՆԱՅԻ ԿԵԱՆՔԸ

Քրիստին Սթիուըրտ կը նկարահանուի հանգուցեալ արքայադուստր Տայանայի դերով։ Ամերիկացի դերասանուհի Քրիստին Սթիուըրտ, որ առաւելաբար ծանօթ է «Մթնշաղ» շարժապատկերէն, «Սփենսըր» ժապաւէնին մէջ կը խաղայ՝ որպէս  արքայադուստր Տայանա:

Կը հաղորդուի, որ շարժանկարի բեմագրութիւնը գրուած է այն ժամանակաշրջանի եւ դէպքերու շուրջ, երբ արքայադուստր Տայանան որոշած էր ամուսնալուծուիլ արքայազն Չարլզէն: Շարժանկարի բեմադրիչն է չիլիցի Փապլօ Լարէյն, իսկ գլխաւոր դերասանուհին՝ Քրիստին Սթիուըրտ։ Նկարահանումները կը սկսին 2021 թուականի սկիզբին։

Արքայադուստր Տայանան եւ արքայազն Չարլզը ամուսնալուծուած են 1996 թուականին: 1997 թուականի օգոստոսի 31-ի գիշերը Տայանան երթեւեկի արկածի հետեւանքով մահացած է Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ: Ինքնաշարժը, որու մէջ էր արքայադուստրը, մեծ արագութեամբ բախած է Փարիզի Ալմա կամուրջի տակ գտնուող անցքուղիի պատին։ Տայանայի սիրեցեալը՝ միլիառատէր Տոտի ալ-Ֆայետ եւ վարորդը տեղւոյն վրայ մահացած են, իսկ թիկնապահը ծանր վիրաւորուած է։ Վթարէն յետոյ ծանր վիրաւորում ստացած Տայանան տեղափոխուած է հիւանդանոց, ուր մահացած էր մի քանի ժամ վերջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020