ՅԵՏԱՁԳՄԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄ

Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի Շէնգաւիթի մասնաճիւղէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներու գործով դատավարութեան հերթական փուլը։ Դատաւոր Աննա Դանիբէկեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ դատական նիստը, որուն ներկայ էր նաեւ Ռոպերթ Քոչարեան։ Ծանօթ է, որ բոլորովին վերջերս ան գրաւի փոխարէն դուրս եկած էր բանտէն։ 1 մարտ 2008 թուականին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն կը վերաբերի այդ դատավարութիւնը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկուան դատական նիստը յետաձգուեցաւ յունիսի 30-ին։ Դատախազ Գէորգ Պաղտասարեան պահանջեց, որպէսզի դատարանը սահմանափակուի պաշտպանական կողմի՝ զանազան տեսակի միջնորդութիւններ ներկայացնելու դատական իրաւունքը։ Ըստ իրեն, պաշտպաններու նման գործողութիւնները թոյլ չեն տար, որ իրենք ընթերցեն ամբաստանագրի եզրափակիչ մասը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020