Ուրբաթ 27, Դեկտեմբեր 2024
ՎԵՐԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութիւնը վերաքննիչ բողոք ներկայացուց՝ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի կողմէ երեսփոխան Գագիկ Ծառուկեանի պարագային արձակուած վճռին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի դէմ քրէական հետապնդում սկսած է։ Հայաստանի Ազգային ժողովը վերջերս զինքը զրկած էր պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ, սակայն դատական իշխանութիւնները անհրաժեշտ չէին նկատած Գագիկ Ծառուկեանը բանտարկել՝ դատական գործընթացի տեւողութեան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութիւնը այս կապակցութեամբ արձակուած դատավճիռը երէկ բողոքարկեց Հայաստանի Վերաքննիչ քրէական դատարանին մօտ։ Դատախազութիւնը կը պահանջէ Գագիկ Ծառուկեանի կալանաւորումը։
Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020