ՔԱՅԼԻ ԵՒ ԴՈՒՍՏՐԸ ԶԱՐԴԱՐԵՑԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆԻ ԿՈՂՔԸ

Ամերիկեան Keeping Up With Kardashians շոուի աստղ Քայլի Ճենըր, որ նախապէս կը համարուէր աշխարհի ամենաերիտասարդ կին միլիառատէրը, իր երկամեայ դստեր հետ զարդարեց Vogue-ի կողքը։

Երիտասարդ մայրիկը իր դստեր՝ Սթորմիի հետ զարդարեց Vogue-ի 24-րդ համարի կողքը։ Պարբերականը նկատեց, որ երկամեայ փոքրիկի համար սա մեծ ձեռքբերում մըն է։

Լուսանկարումը տեղի ունեցաւ Ճենըրի Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող 36.5 միլիոն տոլար արժողութեամբ նոր առանձնատան մէջ։ Հետաքրքական է, որ լուսանկարումը կատարուեցաւ ներկայիս մեծ պահանջարկ վայելող Zoom ծրագրի միջոցով։ Քայլի Ճենըր եւ իր դուստրը լուսանկարուեցան աշխարհահռչակ Մորելի եղբայրներու կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020