ՄԵՒԼԻՒՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԱԻՐ ԼԱՓԻՏԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հիւրընկալեց Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիտը։ Բանակցութիւններէն վերջ նախարարները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին նշեցին, թէ երկու երկիրներու միջեւ կը սկսի նոր շրջան մը, որու բնորոշիչներէն մին պիտի ըլլայ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերստին դեսպանի մակարդակին բարձրացումը։

Չավուշօղլու յայտնեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին վերահաստատուած է կողմերու վճռակամութիւնը, որպէսզի երկու երկիրներու միջեւ սկսած դրական երկխօսութիւնը շարունակուի շօշափելի քայլերով։ Նախարարը աւելցուց, որ Պաղեստին-Իսրայէլ առկայ խնդիրներն ալ օրակարգի վրայ էին եւ այս նիւթին վերաբերեալ Թուրքիոյ ակնկալութիւններն ու զգայնութիւնները ծանօթ են։

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2022