ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ԵՐԷԿ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԹԵՀՐԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ իրերայաջորդ այցելութիւններ տուաւ Թեհրան եւ Պաքու։ Ռուս նախարարը Թեհրանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի կողմէ, նաեւ բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Աւելի վերջ Լաւրով անցաւ Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ, նաեւ մէկտեղուեցաւ իր պաշտօնակցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Լաւրովի այցելութեան օրը Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Թեհրանի մէջ Լաւրով եւ Ապտուլլահիան քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու վերաբերեալ նոր համաձայնագրի մը ստորագրման հեռանկարը։ Կողմերը մեծ նշանակութիւն կու տան համապարփակ երկարաժամկէտ ու ռազմավարական համագործակցութեան շուրջ այդ փաստաթուղթի պատրաստութեան։ Լաւրով եւ Ապտուլլահիան, միեւնոյն ժամանակ, դատապարտեցին անընդունելի միակողմանի պատժամիջոցներու գործադրումները։

Լաւրովի դէպի Պաքու աշխատանքային այցելութիւնն ալ առիթ հանդիսացած է քննարկելու համար Ռուսաստան-Ատրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքն ու հեռանկարները։ Շփումներու ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ՝ ներառեալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարները։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Մոսկուա ամէն ձեւով կ՚աջակցի Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման դժուարին, բայց չափազանց կարեւոր գործընթացին։ Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները նոյն առթիւ ընդգծած են, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովումը, Պաքու-Երեւան վստահութեան ու լիարժէք համագործակցութեան վերականգնումը առանցքային կը համարուին։ Յիշեցուած է, որ Արցախի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը վերահսկէ հրադադարի պահպանումը եւ կը նպաստէ իր պատասխանատուութեան գօտիէն ներս անվտանգութեան պահպանման։ Ռուսական կողմի ջանքերու կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մին է տարածաշրջանէ ներս փոխադրական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը։

Լաւրովի ուղեւորութեան ընդառաջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը՝ Մարիա Զախարովան ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Անդրադառնալով վերջին օրերուն Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման՝ ան յայտնեց, որ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետները մօտեցուցած են իրենց դիրքորոշումները շարք մը հարցերու մէջ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման օրակարգի ծիրէն ներս։ Ըստ Զախարովայի, Ուաշինկթըն եւ Փարիզ խզած են իրենց կապը Մոսկուայի հետ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գծով եւ ռուս համանախագահին հետ։

Լաւրով երէկ Պաքուի մէջ յայտնեց, որ Մոսկուա պատրաստ է աջակցիլ ընդհանուր սահմանի յստակեցման ուղղութեամբ Երեւան-Պաքու աշխատանքին եւ ունի յստակ առաջարկներ։ Իր կարգին, Ալիեւ դիտել տուաւ, որ խաղաղութեան համաձայնագրի վերաբերեալ Ատրպէյճանի առաջարկը կը մնայ անպատասխան։ Միեւնոյն ժամանակ, ան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի կողմէ բազմակողմանի դիմակայութիւնը պիտի դադրի այս ուղղութեամբ։ Ռուսական աղբիւրներու հաղորդումներով, Լաւրով Պաքուի մէջ ըսաւ նաեւ, թէ իրենք լսած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատրաստակամութիւնը՝ բանակցելու համար Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ։

Դէպի Պաքու ներկայ այցելութենէն առաջ, Լաւրով մօտաւոր անցեալին իրերայաջորդ այցելած էր Անգարա եւ Երեւան, ուր մասնակցած էր Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Լաւրովի ներկայ Պաքու այցին զուգահեռ՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ալ այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա, ուր կը մասնակցի ԱՊՀ-ի մասնակից երկիրներու պաշտօնակիցներուն հետ հանդիպման։

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2022