Կիրակի 23, Փետրուար 2025
ՎԱՐՊԵՏԱՑ ԺԱՄԱՑՈՅՑ
Երեւանի «Տիանա Աբգար» զբօսայգիէն ներս տեղադրուեցաւ խորհրդանշական «Վարպետաց ժամացոյցը»։ «Հայաստանի վարպետ» մրցոյթի շրջանակէն ներս տեղադրուած է այս ժամացոյցը, որ ունի 2 մեթր բարձրութիւն։ Փայտէ ժամացոյցի թուատախտակին վրայ պատկերուած են մասնագիտական կամ աշխատանքային գործիքներ, որոնք այս մրցոյթի 12 ուղղութիւնները կը ցոլացնեն։
Սոյն մրցոյթը կազմակերպուած է՝ նախաձեռնութեամբ Զբօսաշրջութեան եւ քաղաքաշինութեան բարեգործական հիմնադրամի, որու գործընկերն է «Արմենիա» հեռուստաընկերութիւնը։
Ուրբաթ, Յունիս 24, 2022