Ուրբաթ 27, Դեկտեմբեր 2024
ԱՅՑ՝ ԴԷՊԻ ՎՐԱՍՏԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Թիֆլիզ։ Երկօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին ան բարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Զօհրապ Մնացականեան Թիֆլիզի մէջ կը հիւրընկալուի իր վրացի պաշտօնակցին՝ Տաւիտ Զալքալիանիի կողմէ։ Երկու արտաքին գործոց նախարարները բանակցութիւններ վարելէ վերջ հանդէս կու գան նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։
Նախարար Մնացականեան Թիֆլիզի մէջ կ՚ընդունուի նաեւ Վրաստանի Խորհրդարանի նախագահ Արչիլ Թալաքվածէի եւ վարչապետ Մամուքա Պախթածէի կողմէ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան Թիֆլիզի մէջ կը մէկտեղուի նաեւ վրացահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019