Ուրբաթ 27, Դեկտեմբեր 2024
ՄԱՔՍԱՆԵՆԳՈՒԹԵԱՆ ԿԱՍԵՑՈՒՄ
Տրապիզոնի մէջ երէկ ոստիկանութեան կողմէ ձեռբակալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի մը։ Մաքսանենգութեան պայքարի բաժանմունքի ոստիկանները ունեցան լսում մը, ըստ որու այդ անձը ապօրինի ճանապարհով ծխախոտի արտադրանք եւ ոգելից ըմպելի մտցնել կը ջանար Թուրքիա։ Հսկողութեան տակ առնուած անձին հարցաքննութիւնը յառաջ կը տարուի ոստիկանութեան պատկան բաժանմունքին կողմէ։
Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ ալ արձագանգ գտած է այս իրադարձութիւնը։ Հայկական աղբիւրները կը նշեն, որ ենթակային անունը յայտնի չէ եւ տեղեկութիւնները կը պակսին նաեւ իր խափանման միջոցին շուրջ։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019