Երկուշաբթի 10, Փետրուար 2025
«ՀԱՆՆԱ»Ն ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ
Թեքսասին կը մօտենայ «Հաննա» արեւադարձային փոթորիկը։ Այսպէս, «Հաննա» արեւադարձային փոթորիկը ձեւաւորուած է Մեքսիքայի ծոցին մէջ:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, փոթորիկներու հետեւող Միացեալ Նահանգներու ազգային կեդրոնը (NHC) տեղեկացուցած է, որ օդերեւութաբաններու տուեալներով՝ քամիի առաւելագոյն արագութիւնը կը հասնի ժամական 65 քիլօմեթրի: Փոթորիկը կը շարժուի ժամական 11 քիլօմեթր արագութեամբ: Ներկայիս այն կը գտնուի Թեքսաս նահանգի Քորփուս-Քրիստի քաղաքէն 620 քիլօմեթր դէպի հարաւ-արեւելք:
Թեքսասի ափամերձ շարք մը շրջաններու համար յայտարարուած է փոթորիկի նախազգուշացում:
Ըստ օդերեւութաբաններու՝ կը սպասուի, որ փոթորիկը նահանգի տարածքին մոլեգնի յուլիսի 25-ին։
Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020