ԴԻՄԱԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆ՝ ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ԴԷՄ

Դիմակը 65 առ հարիւրով կը նուազեցնէ «COVID-19»ի տարածման ռիսքը։ Այսպէս, ամերիկացի փորձագէտներ յանգած են այն եզրակացութեան, թէ դիմակ կրելը  65 առ հարիւր կը նուազեցնէ քորոնաժահրի տարածման հաւանականութիւնը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի կայքէջին վրայ հետազօտութիւնը ներկայացուած է Գալիֆորնիայի համալսարանի մանկական հիւանդութիւններու բաժնի ղեկավար Տեն Պլումպերկի եւ Տարրաբանութեան փորձագէտ փրոֆ. Ուիլիըմ Ռիսթենփարտի։

Սոյն յօդուածին մէջ նշուած է, որ դիմակ կրելը կ՚օգնէ կանխելու վարակի տարածումը, քանի որ ան կը փոխանցուի օդակաթիլային ճանապարհով:

«Ինչ կը վերաբերի դիմակներու հարցին, մենք աւելի շատ բան սորվեցանք հետազօտութիւններու շնորհիւ: Այժմ մենք գիտենք, որ դիմակները արդիւնաւէտ են եւ շատ կարեւոր», նշած է Պլումպերկ:

Պլումպերկն ու Ռիսթենփարտը նշած են, որ քորոնաժահրի կաթիլները երեք անգամ փոքր են մարդու մազէն, բայց անոնք բաւականին մեծ են, որպէսզի անցնին դիմակի միջով: Փորձագէտները շեշտած են, որ ամէն մարդ պէտք է դիմակ կրէ։ Ըստ իրենց, համավարակի տարածման կանխարգիլման հիմնարար կանոնները կը մնան նոյնը՝ դիմակ կրել, ընկերային հեռաւորութիւնը պահել եւ հանրային հաւաքներու մասնակցելէ խուսափիլ։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020