ԵՌԱՊԱՏԿԵՐ ՅՕՐԻՆՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան շաբաթավերջին այցելեցին Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին։ «Փառք հայ գրին եւ դպրութեան» որմնանկարը, որ կը գտնուի այս եկեղեցւոյ մէջ, վերանորոգուած է Արմէն Սարգսեանի աջակցութեամբ։ 20-րդ դարու հայկական կոթողային արուեստի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն մին կը համարուի այս եռապատկեր յօրինուածքով որմնանկարը, որու հեղինակներն են նկարիչներ՝ Յովհաննէս Մինասեան եւ Հենրիկ Մամեան։ Տարիներու ընթացքին խոնաւութեան հետեւանքով զգալիօրէն վնասուած այս գործը ներկայիս արդէն վերանորոգուած է։

Արմէն եւ Նունէ Սարգսեան ամոլը ականատես դարձան իրենց աջակցութեամբ իրականացուած ծրագրի արդիւնքին։

Միեւնոյն ժամանակ, նախագահը եւ առաջին տիկինը ծաղկեպսակներ թողեցին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շիրմին։ Այնուհետեւ անոնք այցելեցին դպրատուն, շրջեցան թանգարանը, տառերու պուրակը, տեսան նաեւ 443 թուականին իշխան Վահան Ամատունիի կողմէ կառուցուած այս պատմական եկեղեցւոյ հիմքերը, որոնք ապակիի մը տակ կը պահուին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020