ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ԱՍՈՐԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՄԸ ԱՌԱՋԻՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈԹԻՒՆԸ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ասորի համայնքին վերաբերեալ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, AN փաստավաւերագրական ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը կատարուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան խրախուսանքով պատրաստուած ժապաւէն մըն է այս մէկը, որու բեմադրիչն է Էօզճան Կեչէր։ Թէեւ հիմնական շեշտը ասորիներուն վրայ է, սակայն Անատոլուի միւս բնիկ ժողովուրդներու վերաբերեալ երեսակներ ալ ունի այս ժապաւէնը։

Համաճարակի մթնոլորտի սահմանափակումներուն համապատասխան ձեւով կազմակերպուած կալային ներկայ գտնուեցան ասորի համայնքէն հոգեւորականներ եւ Ս. Աստուածածին ասորի եկեղեցւոյ վարչութեան նախագահ Սաիտ Սուսին։ Փոքրամասնական համայնքներէ ներկայացուցիչներ եւս հրաւիրուած էին երեկոյթին։ Մեր համայնքէն ներկայ էին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան փոխ-ատենապետ Գարուն Գովան, Կազդուրման կայանի խնամատարութեան ատենապետ Արի Չոլաք եւ տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու։

Ի յիշատակ առաջին ցուցադրութեան եւ առ ի շնորհակալութիւն՝ Արի Չոլաքին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը, Կազդուրման կայանի ջերմ հիւրընկալութեան բերումով։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020